13
Mar 2016
0
ՈՃԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Աւելի պատշաճ եւ ճշգրիտ պիտի ըլլար ըսել, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ դարաւոր բնիկ ժողովուրդի մը մշակութային գանձերու աւերն ու կողոպուտը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կանխամտածուած ցեղասպանութեան մը շարունակութիւնը՝ երբ թշնամին կը փորձէ ջնջել ամէն հետք որ կը միտի Click to read more...
20
Feb 2016
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի համացանցային կայքէջէն կ’իմանանք որ 9-11 Փետրուար 2016-ին, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր:
Ուշի ուշով դիտեցէ՛ք ժողովին մասն Click to read more...
20
Jan 2016
Ո՞ՒՐ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Ո՞վ պատասխան պիտի տայ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատրիարք Կիրիլի յայտարարութեան եթէ ոչ Եպիկոպոսկան Ժողովի համանախագահ՝ երկու կաթողիկոսները: Բոլորիս ծանօթ է հայկական մամուլէն որ անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ ժողովրդական մեծ վրդովմունք յառաջացուց համայն Ռուսաստանի Պատրիար Click to read more...
26
Dec 2015
ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞
Արդեօ՞ք միամտութիւն է հաւատալ որ քրտական հարց գոյութիւն ունի, թէ պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ տեսնել իրականացուող նոր քարտէսը Միջին Արեւելքի, ուր յստակ եւ պայծառ կերպով կը տեսնուի ապագայ նոր Քիւրտիստանի մը լայնատարած պատկերը, խարսխուած եւ ամրացուած՝ հերոս մարտիկներու եւ նահ Click to read more...
30
Oct 2015
ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԳԱՆՁԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒԱՏԷՐԸ
Թէեւ հայկական առածը կ’ըսէ որ «երկաթը տաք տաք կը ծեծեն», բայց այս պարագային կարելի չէր որդեգրել նման մօտեցում մը, երբ հարցը կը վերաբերի իրաւաբանական–օրինականութեան դաշտին, որ լուրջ ու մանրազնին փնտռտուքի, հետազօտութեան եւ վերլուծումի կը կարօտի:
Արդարեւ յստա Click to read more...
17
Oct 2015
ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐ
Մկրտեցէք զնոսա յանուն Հօր
եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ
Թուրքական մամուլը ողողուած է այսօր զանազան յօդուածներով եւ խոր քննարկումներո Click to read more...
03
Oct 2015
ԹՈՒԱԿԱՆ ԱՃ
Աճեցէք եւ բազմացարուք
Եւ լցէք զերկիր
Արտագաղթի մասին արտայայտուեցանք որպէս համազգային դժբախտ, ցաւալի եւ տժգոյն երեւոյթ: Ահաւասիկ սակայն՝ նոյնքան մտահոգիչ է թուական աճումի նուազումը (ծնելիութեան անկում), որ կրնայ ճակատագրական դեր ունենալ հայրենիքի ապահովութեան, պահպանմ Click to read more...
21
Sep 2015
ԹՈՒՐՔԸ ԵՒ ԽԻՂՃԸ
Թուրք պետութիւնն ու ժողովուրդը, պատասխանատու են
գաղթականներու դիմագրաւած դժուարութեանց համար,
ուր շատեր իրենց կեանքն ու ընտանիքները կորսնցուցին:
Click to read more...
11
Sep 2015
ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՔԱՋԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ
Իմ լուծս առէք դուք ձեր վրայ եւ ինձմէ սորվեցէք,
թէ հեզ եմ եւ խոնարհ եմ սրտով,
ու ձեր ներքին խաղաղութիւնը պիտի գտնէք դուք:
Որովհետեւ քաղցր է իմ լուծս, եւ բեռս թեթեւ:
Մատթ. ԺԱ. 29
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուապետը՝ Ֆրանսիս Պապ, անցեալ Կիրակի օր, նկատի ունենալով գա Click to read more...
08
Sep 2015
ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Ամէն Անգամ որ մամուլին մէջ նման համագումարի մը մասին կը կարդամ, –այս վերջինը տեղի ունեցաւ 2-3 Սեպտեմբեր 2105-ին Աթէնքի մէջ,– նոյն վրդովմունքը կ’ունենամ եւ հարց կու տամ ինքզինքիս. այս ժողովները, որոնք տարիներէ ի վեր կը գումարուին զանազան վայրերու մէջ, ի՞ն Click to read more...
04
Sep 2015
Ո՞ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ
Խոր ցասումով եւ զայրոյթով դիտեցի Facebook-ի վրայ արձանագրուած տեսաներիզը https://www.facebook.com/100004978396212/videos/517432198432722/ որ անգամ մը եւս զիս կը տանի դէպի 1967-ի Միջին Արեւելքի նախապատերազմեան օրերը, երբ միաբանակից եղբայրներուս հետ մեկնած էի Երուսաղէմ՝ օրուան պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի Click to read more...
23
Aug 2015
ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ
Անհրաժեշտ է իրապաշտ ըլլալ երբ խնդիրը կը վերաբերի քրտական հարցին: Դիտեցէք այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քարտէսը եւ պիտի տեսնէք որ մեր հազարամեայ պապենական հողերուն վրայ (Արեւմտահայաստան) կ’ապրին աւելի քան 15 միլիոն քիւրտեր (եթէ ոչ աւելի), որոնց անբաժան մէկ մասնիկն են Click to read more...
08
Aug 2015
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Իրական եւ գործնական համերաշխութիւնը այն ատեն
միայն կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել երբ անձնակա-
նութենէ շատ բարձր համարուին Աթոռներու պատմա- կան եւ նուիրական դիրքը եւ մանաւանդ այն օգուտը՝ որ պիտի ծնի համերաշխութենէ եւ յորմէ պիտի օգտու- ին Եկեղեցին եւ ժողովուրդը:
Click to read more...
24
Jul 2015
ՊԱՐԶ, ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ
Նորութիւններ չեն այս մակդիրները, բայց այս յօդուածին գլխաւոր դրդապատճառը եղաւ յիսուն տարիներու ազնիւ բարեկամս: Մի քանի օրեր առաջ երբ մեր տան մէջ հաւաքուած կը խօսէինք ազգային եւ եկեղեցական տագնապեցնող նիւթերու մասին, յանկարծ զիս մեծ անակնկալի մը առջեւ դնելով այսպ Click to read more...
18
Jul 2015
ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը
Քո հաւաքական ոյժի մէջ է:
(Եղիշէ Չարենց)
Չկայ մեր մէջ անձ մը որ կրնայ յայտարարել թէ ինք հողային պահանջ չունի, ի՛նչ կուսակցութեան եւ կամ յարանուանութեան ալ պատկանի ան, որովհետեւ թշնամին խտրութիւն չդրաւ իր ահաբեկումին, Click to read more...
08
Jul 2015
ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ոչ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ,
Սարէ ի սար չարաշշուկ տարին լուր.
Ու չերգեցինք ողբոց երգեր սրտայոյզ,
Երբ պատանւոյն բացինք մռայլ փոսին դուռ:
Click to read more...
01
Jul 2015
ԿՈՉ` ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Լսի’ր, որդիս, պատգամ որպէս
Սիրող քո մօր խօ՜սքը սրտանց,
Click to read more...
28
Jun 2015
ԿՂԵՐԱՊԵՏՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջին վրայ զետեղուած լուրերէն կ’իմանանք թէ ՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանը ազատուելով Արթիկի Թեմի առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Ս Click to read more...
20
Jun 2015
ԱՐՏԱԳԱՂԹ
Կռո’ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ.
Կռո’ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս:
(Կոմիտաս Վրդ.)
Աշխարհը շարժման մէջ է եւ ժողովուրդներ դարերու ընթացքին միշտ ալ գաղթած են աւելի լաւ կենսական պայմաններ որոնելու համար: 2010 թուականի վիճակագրութեան համաձայն, 214 միլիոն մարդ, ա Click to read more...
15
Jun 2015
ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆԱՆԿՈՒԹՒԻՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համացանցին վրայ տեղակայուած լուրին համաձայն, «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ է հռչակվել S. Կարապետ Վարդապետ Հարությունյանը (Ֆրանսայի հայոց թեմ): Տնօրինութեան համար հիմք Click to read more...
10
Jun 2015
Վերաբնակեցում
Օտա՜ր, ամայի՜ ճամբէքի վրայ,
Իմ քարաւանը մեղմ կը ղօղանջէ.
Կանգնի’ր, քարաւանս, ինձի կը թուայ,
Թէ հայրենիքէս ինձ մարդ կը կանչէ:
Աւետիք Իսահակեան
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի արհաւիրքներէն եւ աւերներէն ետք, երբ Հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, Click to read more...
28
May 2015
ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ
Մի հող, որ թէկուզ երկինք համբառնայ՝
Հայոց եղել է…. Հայոց կը դառնայ:
(Յովհաննէս Շիրազ)
Հաւանաբար մեզմէ շատեր առարկեն որ ներկայիս Թուրք պետութեան քաղաքական դի Click to read more...
10
May 2015
ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ ԻՆ՞Չ
Լսո՞ւմ էք մարդիկ, լսո՞ւմ էք, ազգեր,
Այս ողբագիրքս դասագիրքն է ձեր…
Թող անցեալ վէրքը դասագիրք դառնայ
Մանուկ ներկայի սեղանի վրայ:
(Յովհաննէս Շիրազ)
Հարցականի տակ դրինք 100-ամեակը, որովհետեւ տօնախմբութիւնները անցան, բայց ո’չ ցաւ Click to read more...
12
Apr 2015
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ
Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները եղան հայ ժողովուրդի յեղափոխութեան գաղափարի սերմնացաններէն, որոնք իրենց կեանքի ամբողջական նուիրումով, ազատագրական պայքարի դաշտին մէջ ակօսներ բացին ուր ծիլեր արձակեցին եւ պատրաստուեցան յաջորդող սերունդի յեղափոխակա Click to read more...
25
Jan 2015
ԽՈՍՏՈՎԱՆԱ՞ՆՔ, ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԱՉՔԱՓՈՇԻ
Նոր շունչ եւ եռանդ http://asbarez.com/arm/215552/ յորդորականը, Աբօ Պողիկեանի կողմէ հրատարակուած «Ասպարէզ» թերթին մէջ (վերնագիրը փոխ առնուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցէ մը, ինչպէս խմբագիրը կը վկայէ), չկարողացայ զետեղել տրամաբանական դաշտի մը մէջ: Հաւանաբար շատեր առարկ Click to read more...